Ֆրանսահայ Երիտասարդական Միութեան պատգամը` դէպի վերելք

Բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք ինչպէս, այս վերջին քանի մը տարիներուն, հայկական գաղութը կը փոխէ իր սովորական դիմագիծը։ Նախապէս, կը գտնէինք մի քանի երկիրներ ուր՝ հայկական սփիւռքը կազմած էր բաւական գործօն մարմիններ, որոնց շնորհիւ կը շարունակէր փոխանցել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատգամները սերունդէ սերունդ, աշխատելով օրն ի բուն բարգաւաճեցնելու համար Հայաստանը, դէմ դնելով օտարամոլութեան եւ ձուլումի, հայապահպանման անթառամ ճիգերով, յաճախ հայկական ձեռնարկներով, դասախօսութիւններով, գեղարուեստական յայտագիրներով եւ բազմաթիւ ուրիշ նախաձեռնութիւններով ։ Միջին արեւելքի մէջ այս գաղութներու լաւագոյններէն կրնանք նշել Լիբանանը եւ Սուրիան։


Սուրիոյ զինեալ պատերազմն ու ընկերային տագնապը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական տագնապային իրավիճակը կը մղէ բազմաթիւ հայ երիտասարդներուն արտագաղթումը, գտնելու համար աւելի կայուն, բարեբեր եւ ամբողջական կեանք մը։ Ընդհանրապէս, այս երիտասարդները կ՛ուղղուին դէպի յառաջացած երկիրներ, շարունակելու համար իրենց բարձրագոյն ուսումը, օրինակ՝ ԱՄՆ, Գանատա, եւ կամ Ֆրանսա։


Հոս մէջ կը բերեմ Ֆրանսայի երիտասարդական միութեան՝ Նոր Սերունդի պարտականութեան, պահպանելու համար այս հայ երիտասարդութիւնը օտարամոլութենէ, եւ ձուլումէ։
Ֆրանսայի մէջ Նոր Սերունդը ունի բաւական մեծ գործունէութիւն եւ կը հաւատամ որ ան կրնայ ըլլալ ամենակայտառ, արգաւանդ եւ կազմակերպուած գաղութներէն աշխարհի մակարդակին, ի նպաստ իր հաստատ հատակագիծին որ հիմնադրուած է տասնեակ տարիներ առաջ, նաեւ անոր աշխարհական դիրքին՝ Եւրոպական միութեան հիմնական անդամներէն մէկուն մէջ։


Ընկերներ, չփախցնենք այս առիթը, յատկացնենք ուժ եւ ժամանակ երիտասարդութեան որովհետեւ երիտասարդութիւնն է հայ դատին, հայ ինքնութեան պահպանման եւ ձուլումի դէմ պայքարի ամենակարեւոր դերակատարը։ Եթէ մենք կարեւորութիւն չտանք երիտասարդութեան այս դժուար պայմաններուն, ապագային, մեր սեմին կը սպասեն զանազան ուրիշ դժուարութիւններ առանց ոչ մէկ ետդարձի ճամբով։


Կարէն Ճինպաշեան