Խորհրդարանական ընտրութիւնները աղաւաղուած են կաշառակերութեամբ

source RFI
source RFI

Ապրիլ 2-ը Հայաստանի Հանրապետութեան համար կարեւոր օր մը եղաւ։ Տեղի ունեցան երկրի խորհդարանական ընտրութիւնները, որոնք աննախադէպ էին ընդհանուր պատրաստութեամբ, զանազան քաղաքական ուժերու մասնակցութեան չափով, եւ մանաւանդ ընտրախախտումներու դէմ պայքարի միջոցներու բարելաւմամբ։ Աննախադէպ էր նաեւ անկախ դիտորդներու բաւական մեծ թիւը։ Բոլոր նախադրեալները կային արդար ընտրութիւններ կազմակերպելու։ Մեկնաբանութիւնները բազմաթիւ են, բայց յուսահատութիւնը մէկ` դարձեալ ընտրուեցաւ ՀՀԿ-ն (Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը), արդէն իշխող կուսակցութիւնը։

Ինչպէ՞ս գիտակից քաղաքացի մը կրնայ համաձայն ըլլալ այն գաղափարին հետ որ կարելի է իր ձայնը պարգեւել կաշառակեր եւ յանցագործ կուսակցութեան մը։ Հարցը բարդ է, նոյնպէս ալ պատասխանը։ Նախ եւ առաջ հարկ է խօսիլ պետական պաշտօնեաներուն մասին որոնք իրենց գործերը կորսնցնելու վախէն մեկնած կը քուէարկեն ի շահ իշխող կուսակցութեան, յաճախ ստիպելով իրենց ամբողջ ընտանիքը դիմելու այդ քայլին։ Սակայն պետական պաշտօնեաներու թիւը այդքան ալ բարձր չէ որ բաւարարէ ՀՀԿ-ին՝ խորհրդարանի մեծամասնութիւն ապահովել։

Կան ուրեմն ուրիշ պատճառներ որոնք կրնան ազդած ըլլալ այս ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ. անոնցմէ ամէնէն ակնհայտը կաշառակերութիւնն է։ 5, 10 կամ 20 հազար դրամի համար Հայաստանի մէջ կան քաղաքացիներ որոնք կ’ընդունին ծախել իրենց ձայնը, զիջելով իրենց բողոքը յայտնող օրինական ամէնահզօր միջոցը։ Հաւասարապէս դատապարտելի է կաշառք տալու երեւոյթը, որ գալով նոյնինքն իշխող Կուսակցութիւնը, հարուածեց ընտրութիւններու լրջութիւնն ու քաղաքացիներու քուէարկելու գիտակցութիւնը։ Այս մտահոգութիւններէն մեկնելով, ընտրարշաւի ընթացքին ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական և Հայաստանի երիտասարդական միութիւններու անդամները ժողովուրդին ներկայացուցին Դաշնակցութեան քաղաքական առաջնահերթութիւնները, պետական կառավարման նոր համակարգի կարեւորութիւնը, և մանաւանդ քաղաքացիներուն հորդորեցին հեռո՛ւ մնալ ընտրակաշառքի, տուրք չտա՛լ զանազան
ճնշումներուն և ընտրական համակարգը պախարակող այլ երեւույթներու, եւ քուէարկել բացառապէս սեփական խղճով: Զանազան առիթներով անոնց կողմէ
բաժնուեցան «Ոչ ընտրակաշառքին» թռուցիկներ, զգուշացնելով թէ՛ ընտրողները, թէ՛ թեկնածուները։ 1991 թուականին, տասնեակ տարիներու պայքարէ մը վերջ,
Հայաստանը անկախացաւ, շնորհելով իր քաղաքացիներուն իրենց ապագան յանձն առնելու իրաւունքը ։ 26 տարիներ ետք, տակաւին վաճառել իր կամ իր ընտանիքի ձայնը կը նշանակէ անտեսել այդ տասնեակ տարիներու պայքարը, մոռնալ երկրի ամէնէն կարեւոր խնդիրները եւ իր քաղաքացիական ձայնը չէզոքացնելով` ամբողջ ինքնութիւն մը հաւասարեցնել ոչինչի։ Այն քաղաքացին որ կը համակերպի այս բոլորին, կը համաձայնի ուրեմն իր երկրի իշխանութեան գործունէութեան եւ անոր տարած քաղաքական աշխատանքին։ Ան համամիտ է, որ քանի մը ընտանիք շարունակէ հարստանալ, օգտագործելով պետական աղբիւրները, գերադասելով ժողովուրդին, Հայաստանի պետականութեան եւ մանաւանդ բանակի շահերը։ Իր ձայնը վաճառելով, ան կը հրաժարի իր քաղաքացիական իրաւունքներ եւ կը դառնայ պարզ խամաճիկ մը որուն գոյութիւնը եւ արժանապատւութիւնն անգամ քանի մը հազար դրամով կարելի է ջնջել։ Բայց ամէնէն դատապարտելին այն է որ ծախուած քաղաքացին կը  վաճառէ նաեւ մնացեալ քաղաքացիներու ապագան, վտանգի ենթարկելով իր ժողովուրդին ճակատագիրը եւ բազմահազարներու աշխատանքը։ Ան, ոտնահարելով այս
ամէնը, կը կործանէ ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւն ընկերատնտեսական բարելաւման եւ զարգացման յոյսը, այլեւ ամբողջ ազգին ապագան, դառնալով հետզհետէ – եթէ ոչ ազգի դավաճան – այլ ազգը վտանգող տարրի։

Ա։