Իմ « Ծրագիր Երկիր»-ի առաջին մասնակցութիւնս, հաւանաբար ըլլայ երկար շարքի մը առաջինը։ Իւրայատուկ փորձառութիւն, շրջապատուած աննման ընկեր_ ընկերուհիներով։ Հինգ օրերու ընթացքին մօտէն ծանօթացանք իրարու, դարձանք ընտանիք։
Իւրայատուկ զգացում մըն էր Հայերէն երաժշտութեան ձայնով արթննալը, յատկապէս երբ օրուան առաջին տեսարանը Արարատն է մեր դիմաց։ Միշտ ներկայ է Մասիսը, առտուան մարզանքի պահուն, կէսօրուան ճաշի ժամուն երբ ընկերներով նստած ենք սեղանին շուրջ եւ մայրամուտի ժամանակ երբ բոլորովին ծածկուած է ոսկեգոյն արեւու շողերով։
Երեսուն հոգինոց խումբեր ունէինք, իրարանցումը եւ աղմուկը բարձր էր, բայց խնդուքի եւ ծիծաղի ձայները աւելի բարձր էին։ Ամբողջ շաբաթ մը հաճելի ու օգտակար յայտագիրներու ընթացքին խմբակի անդամներուն հետ խաղացինք, երգեցինք եւ պարեցինք։
Շաբաթը սկսանք անծանօթ վայրի մը մէջ, լեցուն` մօտ երկու հարիւր անծանօթներով, բայց մինչեւ շաբթուան վերջը` այդ անծանօթ վայրը դարձաւ տուն, իսկ անծանօթները` ընտանիք։
Բոլորս տուն վերադարձանք թաց աչքերով, հաստատելով յաւերժական կապեր ու երազելով յառաջիկայ տարուան բանակումին մասին։
Տաթեւ Արապօղլեան
Follow Us